2012-12-13 14:43:14

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասուներկրորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ
ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Հարցում թիւ 146. Ի՞նչ կը նշանակէ Սուրբերու Հաղորդակցութիւն։
Բոլոր այն մարդիկն ու կիները որոնք իրենց յոյսը դրած են Քրիստոսի վրայ եւ կը պատկանին իրեն` մկրտութեամբ, ըլլան անոնք ողջ թէ մեռած, մաս կը կազմեն Սուրբերու հաղորդակցութեան։ Որովհետեւ մենք կը կազմենք մէկ մարմին Քրիստոսի մէջ, կ՛ապրինք հաղորդակցութեան մը մէջ որ կ՛ընդգրկէ երկինքն ու երկիրը։
Եկեղեցին աւելի մեծ է եւ աւելի կենսունակ քան ինչ որ կը կարծենք. Անոր մաս կը կազմեն անձեր, ողջ ըլլան թէ մեռած ­ այս վերջինները կրնան գտնուիլ քաւութեան շրջանի մը մէջ, կամ արդէն աստուածային փառքին մէջ ­, անձեր որոնք հանրածանօթ են կամ բոլորովին անծանօթ, մեծ սուրբեր եւ համեստ անձնաւորութիւններ։ Մահուընէ անդին, կրնանք իրարու օգնութեան հասնիլ. Կրնանք բարեխօսութիւնը խնդրել այն սուրբէն որուն անունը կը կրենք, կամ մեր նախընտրած սուրբերէն, սակայն նաեւ ազգականներէ որոնք մահացած են եւ զոր կը կարծենք թէ արդէն Աստուծոյ մօտն են։ Փոխադարձաբար, մենք եւս կրնանք օգնութեան հասնիլ մեր ննջեցեալներուն, որոնք քաւութեան շրջանի մէջ կը գտնուին, աղօթելով իրենց համար։ Այն ինչ որ իւրաքանչիւրը կը կատարէ կամ կը կրէ, Քրիստոսի մէջ եւ իրեն համար, կը ծառայէ հասարակաց բարիքին։ Սակայն դժբախտաբար ասիկա (Սուրբերու հաղորդակցութիւնը) կը նշանակէ նաեւ թէ ամէն գործուած մեղք կը վիրաւորէ բոլոր հասարակութիւնը։
Հարցում թիւ 147. Ինչու՞ Մարիամ այդքան գերազանց դիրք մը կը գրաւէ սուրբերու հաղորդութեան մէջ։
Մարիամ Աստուծոյ մայրն է։ Երկրի վրայ` ան ունեցաւ բացառիկ կապեր Յիսուսի հետ. Այս մօտիկութիւնը չի դադրիր երկնքի մէջ. Միեւնոյն ատեն ան մօտ է նաեւ մեզի իր մայրութեամբը։
Որովհետեւ ան ինքզինք ենթարկեց, մարմնով եւ հոգուով, այնպիսի արկածախնդրութեան մը որ վտանգըաւոր էր եւ փորձալից, հակառակ աստուածային ըլլալուն, Մարիամ ընդունուեցաւ երկնքի մէջ իր մարմնով եւ հոգուով։ Այն որ կ՛ապրի եւ կը հաւատայ Մարիամի նման, երկինք կ՛երթայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.